Նոր Կտակարան

Գործք 7:1-10 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Քահանայապետը ըսաւ. «Այդ բաները ա՞յդպէս են ի՛րապէս»:

2. Ան ալ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ ու հայրե՛ր, մտի՛կ ըրէք. փառքի Աստուածը երեւցաւ մեր հօր՝ Աբրահամի, երբ Միջագետքի մէջ էր, դեռ Խառանի մէջ չբնակած, եւ ըսաւ անոր.

3. “Ելի՛ր քու երկրէդ ու ազգականներէդ, եւ գնա՛ այն երկիրը՝ որ ես պիտի ցուցնեմ քեզի”:

4. Այն ատեն՝ ելլելով Քաղդէացիներու երկրէն՝ բնակեցաւ Խառանի մէջ, եւ անոր հօր մեռնելէն ետք՝ անկէ փոխադրեց զայն այս երկիրը, ուր դուք կը բնակիք հիմա:

5. Ո՛չ մէկ ժառանգութիւն տուաւ անոր այս երկրին մէջ, ո՛չ իսկ ոտքի քայլի մը չափ տեղ. բայց խոստացաւ ասիկա իբր կալուած տալ իրեն, եւ իրմէ ետք՝ իր զարմին, երբ դեռ ինք զաւակ չունէր:

6. Աստուած սա՛պէս խօսեցաւ. “Անոր զարմը պանդուխտ պիտի ըլլայ օտար երկրի մը մէջ, ու զայն ստրուկ պիտի ընեն եւ չարչարեն չորս հարիւր տարի:

7. Բայց ե՛ս պիտի դատեմ այն ազգը՝ որուն ստրուկ պիտի ըլլան,- ըսաւ Աստուած,- եւ անկէ ետք պիտի ելլեն ու այս տեղին մէջ պիտի պաշտեն զիս”:

8. Անոր տուաւ թլփատութեան ուխտը, եւ յետոյ Աբրահամ ծնաւ Իսահակը, ու թլփատեց զայն ութերորդ օրը: Իսահակ ծնաւ Յակոբը, Յակոբ ալ՝ տասներկու նահապետները:

9. «Նահապետները՝ նախանձելով Յովսէփի՝ ծախեցին զայն Եգիպտոս տարուելու համար. բայց Աստուած անոր հետ էր,

10. ու ազատեց զայն իր բոլոր տառապանքներէն: Շնորհք եւ իմաստութիւն տուաւ անոր Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ. ան ալ կառավարիչ նշանակեց զայն Եգիպտոսի ու իր ամբողջ տան վրայ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 7