Նոր Կտակարան

Գործք 6:8-15 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

8. Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութեամբ լեցուած մարդ մըն էր, մեծ սքանչելիքներ եւ նշաններ կ՚ընէր ժողովուրդին մէջ:

9. Բայց ոմանք, այն ժողովարանէն՝ որ կը կոչուէր Ազատագրուածներուն, Կիւրենացիներուն ու Աղեքսանդրացիներուն ժողովարանը, եւ ոմանք՝ որ Կիլիկիայէն ու Ասիայէն էին, կանգնեցան եւ կը վիճաբանէին Ստեփանոսի հետ.

10. բայց կարող չէին դիմադրել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր:

11. Այն ատեն կաշառեցին քանի մը մարդիկ, որպէսզի ըսեն. «Մենք լսեցինք թէ ան հայհոյական խօսքեր կ՚արտասանէր Մովսէսի եւ Աստուծոյ դէմ»:

12. Այսպէս՝ գրգռեցին ժողովուրդը, երէցներն ու դպիրները, եւ հասնելով անոր վրայ՝ յափշտակեցին զինք ու տարին ատեանին առջեւ:

13. Սուտ վկաներ ներկայացուցին, որոնք կ՚ըսէին. «Այս մարդը չի դադրիր հայհոյական խօսքեր արտասանելէ այս սուրբ տեղին եւ Օրէնքին դէմ:

14. Որովհետեւ լսեցինք իրմէ, որ կ՚ըսէր թէ “այս Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քակէ այս տեղը, ու պիտի փոխէ Մովսէսի մեզի աւանդած սովորութիւնները”»:

15. Բոլոր ատեանին մէջ բազմողները երբ ակնապիշ նայեցան անոր, անոր երեսը տեսան՝ հրեշտակի երեսի պէս:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 6