Նոր Կտակարան

Գործք 6:1-6 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Այդ օրերը, երբ աշակերտները շատցան, Հելլենացիներուն կողմէն տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ. որովհետեւ իրենց այրիները կ՚անտեսուէին ամէն օրուան ողորմութեան սպասարկութեան ատեն:

2. Տասներկուքը կանչեցին աշակերտներուն բազմութիւնը եւ ըսին. «Մեզի չի վայլեր ձգել Աստուծոյ խօսքը, եւ սպասարկել սեղաններու:

3. Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, փնտռեցէ՛ք ձեր մէջ եօթը հոգի՝ բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով ու իմաստութեամբ լեցուն, որպէսզի նշանակենք զանոնք այս զբաղումին համար,

4. իսկ մենք յարատեւենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին սպասարկութեան մէջ»:

5. Այս խօսքը հաճեցուց ամբողջ բազմութիւնը. ուստի ընտրեցին Ստեփանոսը, հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանովրան, Տիմովնան, Պարմենան եւ Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին:

6. Ասոնք ներկայացուցին առաքեալներուն. անոնք ալ աղօթելով՝ իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 6