Նոր Կտակարան

Գործք 28:11-23 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

11. Երեք ամիս ետք՝ մեկնեցանք աղեքսանդրիական նաւով մը, որ ձմերած էր այդ կղզին եւ ունէր Դիոսկուրացիներուն զինանշանը:

12. Սիրակուսա իջնելով՝ երեք օր մնացինք հոն.

13. անկէ ալ շրջագայելով՝ հասանք Հռեգիոն: Մէկ օր ետք, երբ հարաւային հովը փչեց, երկրորդ օրը հասանք Պատեողոս:

14. Հոն գտանք եղբայրներ, որոնք աղաչեցին որ եօթը օր մնանք իրենց քով. եւ այսպէս գացինք Հռոմ:

15. Երբ եղբայրները լսեցին մեր մասին, անկէ եկան մինչեւ Ապփիոսի Հրապարակը ու Երեք Պանդոկները՝ դիմաւորելու մեզ: Պօղոս ալ տեսնելով զանոնք՝ շնորհակալ եղաւ Աստուծմէ եւ քաջալերուեցաւ:

16. Երբ մտանք Հռոմ, հարիւրապետը յանձնեց բանտարկեալները զօրագլուխին. իսկ Պօղոսի արտօնուեցաւ որ առանձին բնակի՝ զինք պահող զինուորի մը հետ:

17. Երեք օր ետք ան հրաւիրեց Հրեաներուն գլխաւորները, ու երբ համախմբուեցան՝ ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, թէպէտ ես ժողովուրդին կամ հայրենական սովորութիւններուն դէմ ոչինչ ըրեր էի, Երուսաղէմի մէջ Հռոմայեցիներուն ձեռքը մատնուեցայ իբր բանտարկեալ:

18. Երբ անոնք հարցաքննեցին զիս՝ ուզեցին արձակել, որովհետեւ իմ վրաս մահուան արժանի ո՛չ մէկ պատճառ կար:

19. Բայց երբ Հրեաները հակաճառեցին, հարկադրուեցայ բողոքել կայսրին, սակայն առանց որեւէ ամբաստանութիւն ունենալու ազգիս դէմ:

20. Ուրեմն ասոր համար կանչեցի ձեզ՝ որպէսզի տեսնեմ ձեզ եւ խօսիմ ձեզի. որովհետեւ Իսրայէլի յոյսին համար կը կրեմ այս շղթան»:

21. Անոնք ալ ըսին իրեն. «Մենք քու մասիդ Հրէաստանէն ո՛չ գրութիւն ընդունեցինք, ո՛չ ալ եղբայրներէն մէկը հոս գալով՝ չարութիւն մը պատմեց կամ խօսեցաւ քու մասիդ:

22. Բայց արժանավայել է լսել քեզմէ թէ դուն ի՛նչ կը մտածես. որովհետեւ մենք տեղեկացած ենք այդ աղանդին մասին՝ թէ ամէնուրեք ատոր դէմ կը խօսին»:

23. Երբ որոշեցին օր մը անոր հետ, շատեր գացին անոր քով՝ իր հիւրանոցը: Անոնց կը բացատրէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ կը վկայէր անոր մասին. առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը համոզէր զանոնք՝ փաստարկելով Յիսուսի մասին թէ՛ Մովսէսի Օրէնքէն, թէ՛ ալ Մարգարէներէն:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 28