Նոր Կտակարան

Գործք 25:1-7 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Երբ Փեստոս հասաւ իր իշխանութեան գաւառը, երեք օր ետք բարձրացաւ Կեսարիայէն Երուսաղէմ:

2. Քահանայապետն ու Հրեաներուն գլխաւորներն ալ յայտնեցին անոր իրենց ամբաստանութիւնը՝ Պօղոսի դէմ,

3. եւ աղաչեցին իրեն ու շնորհք խնդրեցին անոր դէմ՝ որ Երուսաղէմ կանչէ զայն. մինչ իրենք դարան կը պատրաստէին՝ ճամբան սպաննելու համար զայն:

4. Սակայն Փեստոս պատասխանեց թէ Պօղոս պահուելու էր Կեսարիա, եւ թէ ինք շուտով պիտի մեկնէր հոն:

5. Ուստի ըսաւ. «Ձեզմէ անոնք որ կարող են՝ թող իջնեն ինծի հետ, ու եթէ յանցանք մը կայ այդ մարդուն վրայ՝ թող ամբաստանեն զինք»:

6. Հոն ութ կամ տասը օրէ աւելի չկեցաւ՝՝, յետոյ իջաւ Կեսարիա. հետեւեալ օրը դատարանը բազմեցաւ եւ հրամայեց որ բերեն Պօղոսը:

7. Երբ ան եկաւ, Երուսաղէմէն իջնող Հրեաները անոր շուրջը կայնեցան ու Պօղոսի վրայ բարդեցին բազմաթիւ եւ ծանր ամբաստանութիւններ, որ չէին կրնար ապացուցանել:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 25