Նոր Կտակարան

Գործք 21:15-25 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

15. Այդ օրերէն ետք՝ պատրաստուեցանք ու բարձրացանք Երուսաղէմ:

16. Կեսարացի աշակերտներէն ալ ոմանք եկան մեզի հետ, ու տարին մեզ առաջին օրերէն աշակերտ եղած՝՝ Կիպրացի Մնասոնի, որուն քով պիտի հիւրընկալուէինք:

17. Երբ մտանք Երուսաղէմ, եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ:

18. Հետեւեալ օրը Պօղոս մեզի հետ գնաց Յակոբոսի քով, ու բոլոր երէցներն ալ եկան:

19. Բարեւելէ ետք զանոնք՝ մէկ առ մէկ կը պատմէր ինչ որ Աստուած ըրաւ հեթանոսներուն մէջ՝ իր սպասարկութեամբ:

20. Անոնք ալ լսելով՝ փառաւորեցին Տէրը, եւ ըսին իրեն. «Կը տեսնե՞ս, եղբա՛յր, քանի՜ բիւրաւոր հաւատացեալ Հրեաներ կան: Բոլորն ալ Օրէնքին նախանձախնդիր են,

21. բայց տեղեկացան քու մասիդ՝ թէ հեթանոսներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն կը սորվեցնես հրաժարիլ Մովսէսէն, ըսելով որ չթլփատեն իրենց զաւակները եւ չընթանան սովորութիւններուն համաձայն:

22. Ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ. անշուշտ բազմութիւն պիտի համախմբուի, որովհետեւ պիտի լսեն թէ եկած ես:

23. Ուստի ըրէ՛ ինչ որ կ՚ըսենք քեզի: Մեր քով չորս մարդիկ կան՝ որոնք ուխտ ըրած են.

24. ա՛ռ զանոնք, մաքրագործէ՛ դուն քեզ՝ իրենց հետ, եւ վճարէ՛ անոնց ծախսը՝ որ ածիլեն իրենց գլուխը. որպէսզի բոլորն ալ գիտնան թէ սխալ են քու մասիդ իրենց ստացած տեղեկութիւնները, հապա դո՛ւն ալ մեզի հետ կ՚ընթանաս՝ պահելով Օրէնքը:

25. Բայց հաւատքը ընդունող հեթանոսներուն մասին՝ մենք գրեցինք, եզրակացնելով որ անոնք բնա՛ւ չպահեն այսպիսի բաներ, բայց միայն զգուշանան կուռքերու զոհուածէ, արիւնէ, խեղդուածէ ու պոռնկութենէ»:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 21