Նոր Կտակարան

Գործք 2:35-47 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

35. մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:

36. Ուրեմն Իսրայէլի ամբողջ տունը ստուգապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զայն Տէ՛ր ալ ըրաւ, Օծեա՛լ ալ, այդ Յիսուսը՝ որ դուք խաչեցիք»:

37. Երբ լսեցին ասիկա, զղջացին իրենց սիրտին մէջ եւ ըսին Պետրոսի ու միւս առաքեալներուն. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ի՞նչ ընենք»:

38. Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ապաշխարեցէ՛ք, ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ մեղքերու ներումին համար, եւ պիտի ստանաք Սուրբ Հոգիին պարգեւը:

39. Որովհետեւ խոստումը ձեզի համար է, նաեւ ձեր զաւակներուն, ու բոլոր հեռու եղողներուն, որ Տէրը՝ մեր Աստուածը պիտի կանչէ»:

40. Եւ ուրիշ շատ խօսքերով կը վկայէր, կը յորդորէր զանոնք ու կ՚ըսէր. «Ազատեցէ՛ք դուք ձեզ այս կամակոր սերունդէն»:

41. Ուստի անոնք՝ որ սիրայօժար ընդունեցին անոր խօսքերը՝ մկրտուեցան. եւ այդ օրը երեք հազար անձի չափ աւելցան եկեղեցիին թիւին վրայ:

42. Անոնք միշտ կը յարատեւէին առաքեալներուն ուսուցումին ու հաղորդութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու մէջ:

43. Վախը համակեց ամէն անձ՝՝, եւ շատ սքանչելիքներ ու նշաններ կատարուեցան առաքեալներուն միջոցով:

44. Բոլոր հաւատացեալները միասին էին, եւ բոլոր բաները հասարակաց էին:

45. Կը ծախէին իրենց ստացուածքներն ու ինչքերը, եւ անոնց գինը կը բաժնէին բոլորին, որո՛ւ որ պէտք ըլլար:

46. Ամէն օր կը յարատեւէին միաբանութեամբ տաճարը երթալու մէջ, եւ հաց կտրելով իրենց տուներուն մէջ՝ իրենց կերակուրը կ՚ուտէին ցնծութեամբ ու պարզամտութեամբ:

47. Աստուած կը գովաբանէին եւ շնորհք կը գտնէին ամբողջ ժողովուրդին առջեւ. ու Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ՚աւելցնէր եկեղեցիին թիւին վրայ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 2