Նոր Կտակարան

Գործք 17:20-31 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

20. որովհետեւ քանի մը տարօրինակ բաներ լսել կու տաս մեզի՝՝: Ուրեմն կ՚ուզենք գիտնալ թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ ատոնք»:

21. (Որովհետեւ բոլոր Աթենացիներուն եւ հոն գաղթած օտարականներուն ժամանցը ուրիշ ոչինչ է, քան նոր բան ըսել կամ լսել:)

22. Հետեւաբար Պօղոս կայնեցաւ Արիսպագոսի մէջ եւ ըսաւ. «Աթենացի՛ մարդիկ, կը նշմարեմ թէ ամէն ինչով չափազանց կրօնասէր էք:

23. Քանի որ ես շրջելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ գտայ զոհասեղան մը, որուն վրայ գրուած էր. «Անծանօթ Աստուծոյն»: Ուստի ա՛ն՝ որմէ դուք կ՚ակնածիք առանց ճանչնալու, ես զա՛յն կը հռչակեմ ձեզի:

24. Աստուած՝ որ ստեղծեց աշխարհը եւ անոր մէջ եղած բոլոր բաները, ի՛նք՝ որ Տէրն է երկինքի ու երկրի, ո՛չ կը բնակի ձեռակերտ տաճարներու մէջ,

25. ո՛չ ալ կը խնամուի մարդոց ձեռքով՝ իբր թէ որեւէ բանի կարօտ ըլլար. քանի որ ի՛նք կու տայ բոլորին կեանք, շունչ, եւ ամէն ինչ:

26. Մէ՛կ արիւնէ ստեղծեց մարդոց բոլոր ազգերը՝ որպէսզի բնակին ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ, ու սահմանեց նախապէս որոշուած ժամանակները եւ անոնց բնակարանի սահմանները՝ որ փնտռեն Տէրը,

27. ու թերեւս գտնեն զինք խարխափելով, թէպէտ մեզմէ իւրաքանչիւրէն ալ հեռու չէ:

28. Արդարեւ անո՛վ կ՚ապրինք, կը շարժինք եւ կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն ոմանք ալ ըսին. “Քանի որ մենք անոր ցեղէն իսկ ենք”:

29. Ուրեմն՝ Աստուծոյ ցեղէն ըլլալով՝ պէտք չէ կարծենք՝՝ թէ աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, քանդակուած մարդկային արուեստով ու երեւակայութեամբ՝՝:

30. Եւ հիմա Աստուած, անտեսելով այս անգիտութեան ժամանակները, ամէնուրեք կը պատուիրէ բոլոր մարդոց՝ որ ապաշխարեն:

31. Որովհետեւ սահմանած է օր մը, երբ պիտի դատէ երկրագունդը արդարութեամբ՝ իր որոշած մարդուն միջոցով. եւ այս մասին հաւաստիք տուաւ բոլորին՝ մեռելներէն յարուցանելով զայն»:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 17