5. «Ես կ՚աղօթէի Յոպպէ քաղաքը, երբ՝ վերացումի մէջ՝ տեսայ տեսիլք մը. անօթ մը՝ մեծ լաթի պէս, չորս ծայրերէն կախուած, իջաւ երկինքէն ու հասաւ մինչեւ ինծի:
6. Մինչ կը դիտէի՝ աչքերս սեւեռած անոր վրայ, տեսայ երկրի չորքոտանիները, գազաններն ու սողունները, նաեւ երկինքի թռչունները:
7. Ու լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր ինծի. “Կանգնէ՛, Պետրո՛ս, մորթէ՛ եւ կե՛ր”:
8. Բայց ես ըսի. “Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ պիղծ կամ անմաքուր բան մը բնա՛ւ մտած չէ բերանս”:
9. Կրկին այդ ձայնը երկինքէն պատասխանեց ինծի. “Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր”:
10. Ասիկա պատահեցաւ երեք անգամ, ու ամէն ինչ դարձեալ վեր քաշուեցաւ՝ դէպի երկինք:
11. Եւ ահա՛ անյապաղ երեք մարդիկ՝ Կեսարիայէն ղրկուած ինծի՝ եկան ու կեցան այն տան առջեւ, ուր հիւրընկալուած էի:
12. Հոգին ալ ըսաւ ինծի՝ որ երթամ անոնց հետ առանց տատամսելու: Այս վեց եղբայրներն ալ գացին ինծի հետ, ու մտանք այդ մարդուն տունը:
13. Ան ալ պատմեց մեզի թէ ի՛նչպէս իր տան մէջ տեսաւ հրեշտակ մը, որ կայնած էր եւ կ՚ըսէր իրեն. “Մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է:
14. Ան խօսքեր պիտի ըսէ քեզի, որպէսզի փրկուիք՝ դուն եւ ամբողջ տունդ”:
15. Երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ:
16. Եւ յիշեցի Տէրոջ ըսած խօսքը. “Արդարեւ Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, բայց դուք պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիով”:
17. Ուրեմն եթէ Աստուած տուաւ անոնց միեւնոյն պարգեւը՝ ինչպէս մեզի, երբ հաւատացին Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ես ո՞վ էի՝ որ կարենայի արգիլել Աստուած»: