Նոր Կտակարան

Գործք 1:9-20 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

9. Երբ խօսեցաւ այս բաները, մինչ կը նայէին՝ համբարձաւ, եւ ամպ մը վերցուց զայն անոնց աչքերէն:

10. Մինչ ակնապիշ կը նայէին դէպի երկինք՝ երբ ան վեր կ՚ելլէր, ահա՛ երկու մարդիկ՝ ճերմակ տարազով՝ կայնեցան իրենց քով

11. եւ ըսին. «Գալիլեացի՛ մարդիկ, ինչո՞ւ կայնած՝ կը նայիք դէպի երկինք. այս Յիսուսը՝ որ երկինք համբարձաւ ձեզմէ, նո՛յնպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»:

12. Այն ատեն Երուսաղէմ վերադարձան Ձիթենիներու կոչուած լեռնէն, որ Շաբաթ օրուան ճամբայի չափ մօտ է Երուսաղէմի:

13. Երբ մտան քաղաքը՝ բարձրացան վերնատունը, ուր կը բնակէին Պետրոս ու Յակոբոս, Յովհաննէս եւ Անդրէաս, Փիլիպպոս ու Թովմաս, Բարթողոմէոս եւ Մատթէոս, Յակոբոս Ալփէոսեան ու Սիմոն Նախանձայոյզ եւ Յուդա Յակոբեան:

14. Ասոնք բոլորը միաբանութեամբ կը յարատեւէին աղօթքի եւ աղերսանքի մէջ՝ կիներուն հետ, ու Յիսուսի մօր՝ Մարիամի եւ անոր եղբայրներուն հետ:

15. Այդ օրերը՝ Պետրոս կանգնեցաւ աշակերտներուն մէջ, (հաւաքուած բազմութիւնը հարիւր քսան հոգիի չափ էր,) եւ ըսաւ.

16. «Մարդի՛կ եղբայրներ, պէ՛տք էր որ իրագործուէր այն գրուածը, որ նախապէս Սուրբ Հոգին ըսեր էր Դաւիթի բերանով՝ Յուդայի մասին, որ առաջնորդ եղաւ Յիսուսը բռնողներուն.

17. որովհետեւ ան մեզի հետ՝ մեր համրանքէն էր, եւ բաժին վիճակուած էր անոր այս սպասարկութենէն:

18. Ուրեմն ասիկա տիրացաւ ագարակի մը՝ անիրաւութեան վարձքով, ու գլխիվայր իյնալով՝ մէջտեղէն ճեղքուեցաւ, եւ իր բոլոր աղիքները դուրս թափեցան:

19. Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները գիտցան այս բանը, այնպէս որ այդ ագարակը կոչուեցաւ իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արիւնի ագարակ:

20. Որովհետեւ գրուած է Սաղմոսներու գիրքին մէջ. “Անոր բնակարանը ամայի թող ըլլայ, եւ անոր մէջ ո՛չ մէկը բնակի”, նաեւ. “Անոր պաշտօնը ուրի՛շը առնէ”:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 1