Նոր Կտակարան

Գործք 1:18-25 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

18. Ուրեմն ասիկա տիրացաւ ագարակի մը՝ անիրաւութեան վարձքով, ու գլխիվայր իյնալով՝ մէջտեղէն ճեղքուեցաւ, եւ իր բոլոր աղիքները դուրս թափեցան:

19. Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները գիտցան այս բանը, այնպէս որ այդ ագարակը կոչուեցաւ իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արիւնի ագարակ:

20. Որովհետեւ գրուած է Սաղմոսներու գիրքին մէջ. “Անոր բնակարանը ամայի թող ըլլայ, եւ անոր մէջ ո՛չ մէկը բնակի”, նաեւ. “Անոր պաշտօնը ուրի՛շը առնէ”:

21. Ուրեմն պէտք է որ այս մարդոցմէն՝ որոնք մեզի հետ էին այն ամբողջ ժամանակը, երբ Տէր Յիսուս մտաւ ու ելաւ մեր մէջ,

22. Յովհաննէսի մկրտութենէն սկսեալ մինչեւ այն օրը՝ երբ համբարձաւ մեզմէ, ասոնցմէ մէկը մեզի հետ վկայ ըլլայ անոր յարութեան»:

23. Ուստի երկու հոգի կայնեցուցին, Յովսէփը՝ որ Բարսաբա կը կոչուէր եւ Յուստոս մականուանուեցաւ, ու Մատաթիան,

24. եւ աղօթելով՝ ըսին. «Տէ՛ր, դուն որ կը ճանչնաս բոլորին սիրտերը, յայտնէ՛ մեզի թէ ո՛ր մէկը ընտրեցիր այս երկուքէն.

25. որպէսզի բաժին առնէ այս սպասարկութենէն ու առաքելութենէն, որմէ Յուդա ինկաւ՝ երթալու համար իր տեղը»:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 1