Նոր Կտակարան

Ղուկաս 3:12-20 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

12. Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու, եւ ըսին անոր. «Վարդապե՛տ, մե՞նք ինչ ընենք»:

13. Ան ալ ըսաւ անոնց. «Մի՛ պահանջէք աւելի՝ քան ինչ որ ձեզի պատուիրուած է»:

14. Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր. «Մե՞նք ինչ ընենք»: Ըսաւ անոնց. «Ո՛չ մէկը հարստահարեցէք, ո՛չ մէկը զրպարտեցէք, հապա բաւարարուեցէ՛ք ձեր թոշակով»:

15. Քանի ժողովուրդը ակնկալութեան մէջ էր, եւ բոլորը կը մտածէին իրենց սիրտին մէջ Յովհաննէսի մասին, թէ արդեօք ի՛նք է Քրիստոսը,

16. Յովհաննէս պատասխանեց բոլորին. «Արդարեւ ես կը մկրտեմ ձեզ ջուրով, բայց ինձմէ աւելի հզօրը կու գայ, որուն կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ. անիկա՛ պիտի մկրտէ ձեզ Սուրբ Հոգիով ու կրակով:

17. Անոր հեծանոցը իր ձեռքն է. իր կալը պիտի մաքրէ եւ ցորենը պիտի ժողվէ իր ամբարը, իսկ յարդը պիտի այրէ անշէջ կրակով»:

18. Ուրիշ շատ բաներ ալ կ՚աւետէր՝ ժողովուրդը յորդորելով:

19. Բայց Հերովդէս չորրորդապետը, կշտամբուելով անկէ իր եղբօր կնոջ՝ Հերովդիայի համար, նաեւ բոլոր չարիքներուն համար՝ որ Հերովդէս ըրած էր,

20. սա՛ ալ աւելցուց այդ բոլորին վրայ.- բանտարկեց Յովհաննէսը:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 3