Նոր Կտակարան

Ղուկաս 23:23-30 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

23. Իսկ անոնք կը պնդէին բարձրաձայն աղաղակներով ու կը պահանջէին որ խաչուի. եւ անոնց ու քահանայապետներուն ձայները յաղթեցին:

24. Ուստի Պիղատոս վճռեց որ անոնց պահանջածը ըլլայ:

25. Արձակեց անոնց՝ իրենց պահանջած մարդը, որ բանտը նետուած էր ապստամբութեան ու մարդասպանութեան համար, իսկ յանձնեց Յիսուսը անոնց կամքին:

26. Երբ կը տանէին զայն, բռնեցին Սիմոն Կիւրենացի կոչուած մէկը՝ որ արտէն կու գար, եւ դրին խաչը անոր վրայ, որպէսզի կրէ Յիսուսի ետեւէն:

27. Ժողովուրդը կը հետեւէր անոր՝ մեծ բազմութեամբ, նաեւ կիներ՝ որոնք կը հեծեծէին ու կ՚ողբային անոր վրայ:

28. Յիսուս դարձաւ անոնց եւ ըսաւ. «Երուսաղէմի՛ աղջիկներ, մի՛ լաք իմ վրաս, հապա լացէ՛ք դուք ձեր վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ:

29. Որովհետեւ ահա՛ կու գան օրերը՝ որոնց մէջ պիտի ըսեն. “Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն՝ որոնք չծնան, ու ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին՝՝”:

30. Այն ատեն պիտի սկսին ըսել լեռներուն. “Ինկէ՛ք մեր վրայ”, ու բլուրներուն. “Ծածկեցէ՛ք մեզ”:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 23