Նոր Կտակարան

Ղուկաս 22:48-64 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

48. Յիսուս ըսաւ անոր. «Յուդա՛, համբուրելո՞վ կը մատնես մարդու Որդին»:

49. Երբ անոր շուրջը եղողները տեսան ինչ որ պիտի ըլլար, ըսին անոր. «Տէ՛ր, զարնե՞նք սուրով»:

50. Եւ անոնցմէ մէկը զարկաւ քահանայապետին ծառային, ու խլեց անոր աջ ականջը:

51. Յիսուս ըսաւ. «Թոյլատրեցէ՛ք մինչեւ այդ տեղը»: Եւ դպաւ անոր ականջին ու բժշկեց զայն:

52. Յիսուս ըսաւ իրեն եկած քահանայապետներուն, տաճարին մեծաւորներուն եւ երէցներուն. «Իբր թէ աւազակի՞ դէմ եկաք՝ սուրերով ու բիրերով:

53. Ամէ՛ն օր ձեզի հետ էի՝ տաճարին մէջ, եւ ձեռք չերկարեցիք իմ վրաս. բայց ասիկա՛ է ձեր ժամն ու խաւարին իշխանութիւնը»:

54. Բռնելով զայն՝ տարին եւ մտցուցին քահանայապետին տունը. Պետրոս ալ կը հետեւէր անոր հեռուէն:

55. Երբ կրակ վառեցին գաւիթին մէջտեղը ու նստան միասին, Պետրոս ալ նստաւ անոնց մէջ:

56. Աղախին մը տեսնելով զայն՝ որ նստած էր կրակին քով, ակնապիշ նայեցաւ անոր եւ ըսաւ. «Ասիկա՛ ալ անոր հետ էր»:

57. Բայց Պետրոս ուրացաւ զայն՝ ըսելով. «Կի՛ն, չեմ ճանչնար զայն»:

58. Կարճ պահէ մը ետք՝ ուրի՛շ մը տեսաւ զինք եւ ըսաւ. «Դո՛ւն ալ անոնցմէ ես»: Պետրոս ըսաւ. «Մա՛րդ, ես անոնցմէ չեմ»:

59. Գրեթէ ժամ մը ետք՝ ուրիշ մըն ալ կը պնդէր ու կ՚ըսէր. «Ճշմարտապէս ասիկա՛ ալ անոր հետ էր, որովհետեւ Գալիլեացի է»:

60. Բայց Պետրոս ըսաւ. «Մա՛րդ, չեմ գիտեր ի՛նչ կը խօսիս»: Անմի՛ջապէս, մինչ ինք դեռ կը խօսէր, աքաղաղը կանչեց:

61. Տէրը դարձաւ ու նայեցաւ Պետրոսի: Պետրոս ալ մտաբերեց Տէրոջ խօսքը, որ ըսեր էր իրեն. «Դեռ աքաղաղը չկանչած՝ երե՛ք անգամ պիտի ուրանաս զիս»:

62. Պետրոս դուրս ելլելով՝ դառնապէս լացաւ:

63. Այն մարդիկը՝ որ բռնած էին Յիսուսը, կը ծաղրէին զայն ու կը ծեծէին.

64. Ծածկելով անոր աչքերը՝ կը զարնէին անոր երեսին եւ կը հարցնէին իրեն. «Մարգարէացի՛ր. ո՞վ է ա՛ն՝ որ զարկաւ քեզի»:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 22