Նոր Կտակարան

Ղուկաս 20:42-47 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

42. Դաւիթ ի՛նք Սաղմոսներու գիրքին մէջ կ՚ըսէ. “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս,

43. մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:

44. Ուրեմն Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ. հապա ի՞նչպէս իր որդին կ՚ըլլայ ան»:

45. Ամբողջ ժողովուրդին առջեւ ըսաւ իր աշակերտներուն.

46. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ՚ուզեն երկայն պարեգօտներով շրջիլ, կը սիրեն բարեւները՝ հրապարակներուն վրայ, առաջին աթոռները՝ ժողովարաններու մէջ, եւ առաջին բազմոցները՝ ընթրիքներու մէջ.

47. որոնք այրիներուն տուները կը լափեն, ու մարդոց երեւնալու համար՝ աղօթքը կ՚երկարեն: Անոնք աւելի՛ խստութեամբ պիտի դատուին՝՝»:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 20