46. Երեք օր ետք գտան զայն տաճարին մէջ. նստած էր վարդապետներուն հետ, մտիկ կ՚ընէր անոնց եւ բան կը հարցնէր:
47. Բոլոր զայն լսողները կը զմայլէին անոր խելքէն ու պատասխաններէն:
48. Երբ տեսան զայն՝ ապշած մնացին, եւ մայրը ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ, ինչո՞ւ ա՛յդպէս ըրիր մեզի. ահա՛ հայրդ ու ես կը փնտռէինք քեզ՝ չափազանց մորմոքած»:
49. Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը փնտռէիք զիս. չէի՞ք գիտեր թէ ես պէտք է ըլլամ իմ Հօրս տունը»:
50. Սակայն անոնք չհասկցան այս խօսքը՝ որ ըսաւ իրենց:
51. Յետոյ իջաւ անոնց հետ ու գնաց Նազարէթ, եւ կը հպատակէր անոնց. բայց անոր մայրը այս բոլոր խօսքերը կը պահէր իր սիրտին մէջ:
52. Յիսուս կը զարգանար իմաստութեամբ ու հասակով, եւ շնորհք գտնելով Աստուծոյ ու մարդոց քով: