31. Տասներկուքը իր քով առնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ահա՛ մենք Երուսաղէմ կը բարձրանանք, ու մարգարէներուն միջոցով մարդու Որդիին մասին բոլոր գրուածները պիտի կատարուին:
32. Որովհետեւ հեթանոսներուն պիտի մատնուի եւ պիտի ծաղրուի, պիտի նախատուի ու պիտի թքնեն անոր վրայ,
33. պիտի խարազանեն եւ սպաննեն զայն. ու յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»:
34. Բայց անոնք այս բաներէն ո՛չ մէկը հասկցան. այս խօսքը ծածկուած էր անոնցմէ, եւ չէին հասկնար ըսած բաները:
35. Երբ ինք Երիքովի կը մօտենար, կոյր մը նստած էր ճամբային եզերքը՝ մուրալու:
36. Երբ լսեց բազմութեան անցնիլը, հարցափորձեց թէ ի՛նչ էր այդ:
37. Լուր տուին իրեն թէ Յիսուս Նազովրեցին կ՚անցնի:
38. Ան ալ գոչեց. «Յիսո՛ւս, Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՜ ինծի»:
39. Անոնք որ առջեւէն կ՚երթային՝ կը յանդիմանէին զայն, որպէսզի լռէ: Բայց ան ա՛լ աւելի կ՚աղաղակէր. «Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՜ ինծի»:
40. Յիսուս կանգ առնելով՝ հրամայեց որ իրեն բերեն զայն: Երբ ան մօտեցաւ, հարցուց անոր.
41. «Ի՞նչ կ՚ուզես՝ որ ընեմ քեզի»: Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, թող աչքերս բացուին՝՝»:
42. Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող բացուին. հաւատքդ բուժեց քեզ»: