Նոր Կտակարան

Ղուկաս 16:3-14 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

3. Տնտեսը ըսաւ ինքնիրեն. “Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ տէրս տնտեսութիւնը կ՚առնէ ինձմէ. չեմ կրնար հողագործ ըլլալ՝՝, կ՚ամչնամ մուրալ:

4. Գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի երբ հեռացուիմ իմ տնտեսութենէս՝ ընդունին զիս իրենց տունը:

5. Եւ իրեն կանչելով իր տիրոջ պարտապաններէն իւրաքանչիւրը, ըսաւ առաջինին. “Դուն ո՞րչափ կը պարտիս իմ տիրոջս”:

6. Ան ալ ըսաւ. “Հարիւր մար ձէթ”: Ըսաւ անոր. “Ա՛ռ մուրհակդ, ու շուտո՛վ նստէ՝ «յիսո՛ւն» գրէ”:

7. Յետոյ ըսաւ միւսին. “Դո՛ւն ո՞րչափ կը պարտիս”: Ան ալ ըսաւ. “Հարիւր քոռ ցորեն”: Ըսաւ անոր. “Ա՛ռ մուրհակդ եւ «ութսո՛ւն» գրէ”:

8. Տէրը գովեց անիրաւ տնտեսը՝ որ ուշիմութեամբ վարուեցաւ. որովհետեւ այս աշխարհի որդիները աւելի՛ ուշիմ են իրենց սերունդին մէջ՝ քան լոյսի որդիները:

9. Ես ալ կ՚ըսեմ ձեզի. “Բարեկամնե՛ր ըրէք ձեզի անիրաւ մամոնայէն, որպէսզի երբ ան պակսի՝՝, ընդունին ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ”:

10. Ա՛ն որ ամենափոքր բանին մէջ հաւատարիմ է՝ շատին մէջ ալ հաւատարիմ կ՚ըլլայ, եւ ա՛ն որ ամենափոքրին մէջ անիրաւ է՝ շատին մէջ ալ անիրաւ կ՚ըլլայ:

11. Ուրեմն եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի վստահի ձեզի:

12. Եթէ ուրիշին բանին մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ձե՛րը ո՞վ պիտի տայ ձեզի:

13. Ո՛չ մէկ ծառայ կրնայ ծառայել երկու տիրոջ. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի՝՝ ու միւսը արհամարհէ: Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային»:

14. Փարիսեցիներն ալ՝ որոնք արծաթասէր էին, այս բոլոր բաները լսելով՝ կը քամահրէին զայն:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 16