Նոր Կտակարան

Ղուկաս 16:1-5 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Իր աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Հարուստ մարդ մը կար՝ որ տնտես մը ունէր. ասիկա ամբաստանուեցաւ անոր առջեւ՝ որպէս թէ կը փճացնէ անոր ինչքը:

2. Ուստի կանչեց զայն եւ ըսաւ անոր. “Այս ի՞նչ է՝ որ քու մասիդ կը լսեմ. տնտեսութեանդ հաշի՛ւը տուր, որովհետեւ ա՛լ չես կրնար տնտես ըլլալ”:

3. Տնտեսը ըսաւ ինքնիրեն. “Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ տէրս տնտեսութիւնը կ՚առնէ ինձմէ. չեմ կրնար հողագործ ըլլալ՝՝, կ՚ամչնամ մուրալ:

4. Գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի երբ հեռացուիմ իմ տնտեսութենէս՝ ընդունին զիս իրենց տունը:

5. Եւ իրեն կանչելով իր տիրոջ պարտապաններէն իւրաքանչիւրը, ըսաւ առաջինին. “Դուն ո՞րչափ կը պարտիս իմ տիրոջս”:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 16