Նոր Կտակարան

Ղուկաս 12:41-59 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

41. Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, այդ առակը մեզի՞ կ՚ըսես՝ թէ բոլորին ալ»:

42. Տէրը ըսաւ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ եւ իմաստուն տնտեսը, որ տէրը պիտի նշանակէ իր ծառաներուն վրայ՝ որպէսզի ատենին տայ անոնց ուտելիքը:

43. Երանի՜ այդ ծառային, որուն տէրը՝ երբ գայ՝ պիտի գտնէ թէ այդպէս կ՚ընէ:

44. Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ պիտի նշանակէ զայն իր ամբողջ ինչքին վրայ:

45. Հապա եթէ այդ ծառան ըսէ իր սիրտին մէջ. “Իմ տէրս կ՚ուշացնէ իր գալը”, եւ սկսի ծեծել ծառաներն ու աղախինները, ուտել, խմել եւ արբենալ,

46. այդ ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը՝ երբ չի սպասեր, եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր. երկուքի պիտի կտրէ զայն, ու պիտի դնէ անոր բաժինը անհաւատարիմներուն հետ:

47. Այն ծառան՝ որ գիտէ իր տիրոջ կամքը եւ չի պատրաստուիր, ո՛չ ալ կը գործէ անոր կամքին համաձայն, շա՛տ պիտի ծեծուի:

48. Բայց ա՛ն որ չի գիտեր ու ծեծի արժանի բաներ ընէ, քիչ պիտի ծեծուի: Որո՛ւն որ շատ տրուեցաւ՝ շատ պիտի պահանջուի անկէ, եւ որո՛ւն որ աւելի յանձնուեցաւ՝ ա՛լ աւելի պիտի ուզուի անկէ»:

49. «Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ, եւ ի՞նչ կ՚ուզեմ՝ եթէ արդէն բորբոքած է:

50. Բայց մկրտութիւնո՛վ մը պիտի մկրտուիմ, եւ ի՜նչպէս կը կսկծիմ՝ մինչեւ որ կատարուի:

51. Կը կարծէք թէ ես եկայ՝ երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն տալու: Կ՚ըսեմ ձեզի. “Ո՛չ, հապա՝ բաժանում”:

52. Որովհետեւ ասկէ ետք՝ մէ՛կ տան մէջ հինգը բաժնուած պիտի ըլլան իրարմէ. երեքը՝ երկուքէն, ու երկուքը՝ երեքէն:

53. Հայրը պիտի բաժնուի որդիէն, ու որդին՝ հօրմէն. մայրը՝ աղջիկէն, եւ աղջիկը՝ մօրմէն. կեսուրը՝ իր հարսէն, ու հարսը՝ իր կեսուրէն»:

54. Նաեւ ըսաւ բազմութիւններուն. «Երբ տեսնէք ամպ մը՝ արեւմուտքէն ելած, իսկոյն կ՚ըսէք. “Անձրեւ պիտի գայ”, եւ այդպէս կ՚ըլլայ:

55. Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ՚ըսէք. “Տաք պիտի ըլլայ”, եւ այդպէս կ՚ըլլայ:

56. Կեղծաւորնե՛ր, գիտէ՛ք երկրի ու երկինքի երեսը քննել, հապա ի՞նչպէս չէք քններ այս ժամանակը»:

57. «Եւ ինչո՞ւ դուք ձեզմէ չէք որոշեր իրաւունքը:

58. Երբ ոսոխիդ հետ երթաս իշխանին, ճամբան փութա՛ ազատիլ անկէ, որպէսզի դատաւորին առջեւ չքաշկռտէ քեզ, դատաւորը՝ ոստիկանին չյանձնէ քեզ, ու ոստիկանն ալ բանտը չնետէ:

59. Կը յայտարարեմ քեզի. “Դուրս պիտի չելլես անկէ, մինչեւ որ վճարես վերջին լուման”»:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 12