Նոր Կտակարան

Ղուկաս 12:1-10 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Այդ միջոցին, երբ բիւրաւոր բազմութիւններ հաւաքուեցան,- ա՛յնքան՝ որ զիրար կը կոխկռտէին,- սկսաւ նախ ըսել իր աշակերտներուն. «Զգուշացէ՛ք՝՝ Փարիսեցիներու խմորէն, որ կեղծաւորութիւնն է:

2. Որովհետեւ ոչինչ կայ ծածկուած՝ որ պիտի չյայտնուի, ո՛չ ալ գաղտնի՝ որ պիտի չգիտցուի:

3. Ուստի ինչ որ ըսիք խաւարին մէջ՝ պիտի լսուի լոյսի՛ն մէջ, եւ այն որ ականջին խօսեցաք ներքին սենեակներուն մէջ՝ պիտի հրապարակուի տանիքներո՛ւն վրայ»:

4. «Բայց ձեզի՝ իմ բարեկամներուս՝ կ՚ըսեմ. “Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ կը սպաննեն մարմինը, եւ կարողութիւն չունին անկէ աւելի բան մը ընելու:

5. Հապա ձեզի ցոյց տամ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք: Վախցէ՛ք անկէ՝ որ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի գեհենը նետելու: Այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, անկէ՛ վախցէք”:

6. Հինգ ճնճղուկ երկու դանգի չե՞ն ծախուիր. սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը մոռցուած է Աստուծոյ առջեւ:

7. Բայց ձեր գլուխին բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի կ՚արժէք»:

8. «Կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ դաւանի զիս մարդոց առջեւ, մարդու Որդին ալ պիտի դաւանի զայն Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ:

9. Բայց ա՛ն որ ուրանայ զիս մարդոց առջեւ, ի՛նք ալ պիտի ուրացուի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ:

10. Ո՛վ որ խօսք մը ըսէ մարդու Որդիին դէմ՝ պիտի ներուի անոր, բայց ա՛ն որ հայհոյէ Սուրբ Հոգիին դէմ՝ պիտի չներուի անոր”:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 12