Նոր Կտակարան

Ղուկաս 11:31-50 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

31. Հարաւի թագուհին՝ դատաստանին օրը ոտքի պիտի ելլէ այս սերունդին մարդոց դէմ ու պիտի դատապարտէ ասոնք, որովհետեւ եկաւ երկրի ծայրերէն՝ լսելու Սողոմոնի իմաստութիւնը. եւ ահա՛ Սողոմոնէ մեծ մէկը կայ հոս:

32. Նինուէի մարդիկը դատաստանին օրը պիտի կանգնին այս սերունդին դէմ ու պիտի դատապարտեն զայն, որովհետեւ զղջացին Յովնանի քարոզութեամբ. եւ ահա՛ Յովնանէ մեծ մէկը կայ հոս»:

33. «Ո՛չ մէկը՝ ճրագը վառելէ ետք՝ կը դնէ ծածուկ տեղ մը, կամ ալ՝ գրուանի տակ, հապա՝ աշտանակի՛ վրայ, որպէսզի ներս մտնողները տեսնեն փայլը:

34. Մարմինին ճրագը աչքն է. ուրեմն երբ աչքդ պարզ է՝ ամբողջ մարմինդ ալ լուսաւոր կ՚ըլլայ, բայց երբ աչքդ չար է՝ մարմինդ ալ խաւարամած կ՚ըլլայ:

35. Ուստի ուշադի՛ր եղիր, որ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար չըլլայ:

36. Ուրեմն եթէ ամբողջ մարմինդ լուսաւոր է ու մութ մաս մը չունի, ամբողջովին լուսաւոր կ՚ըլլայ, ինչպէս երբ ճրագ մը կը լուսաւորէ քեզ իր փայլով»:

37. Երբ այս բաները կը խօսէր, Փարիսեցի մը կը թախանձէր անոր՝ որ իր քով ճաշէ: Ան ալ մտաւ եւ սեղան նստաւ:

38. Երբ Փարիսեցին տեսաւ՝ զարմացաւ, որովհետեւ ճաշէն առաջ չլուացուեցաւ:

39. Տէրը ըսաւ անոր. «Հիմա դուք՝ Փարիսեցինե՛ր, կը մաքրէք գաւաթին ու պնակին արտաքինը, բայց ձեր ներքինը լեցուն է յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ:

40. Անմիտնե՛ր, ա՛ն որ արտաքինը ըրաւ, ներքինն ալ ինք չըրա՞ւ:

41. Սակայն ողորմութի՛ւն տուէք անոնց մէջ եղածներէն, եւ ահա՛ ամէն բան մաքուր կ՚ըլլայ ձեզի»:

42. «Բայց վա՜յ ձեզի՝ Փարիսեցիներուդ, որ կը վճարէք անանուխին, փեգենային եւ ամէն տեսակ բանջարեղէնի տասանորդը, բայց զանց կ՚ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասո՛նք պէտք է ընէիք, ու զանոնք չթողուիք:

43. Վա՜յ ձեզի՝ Փարիսեցիներուդ, որ կը սիրէք առաջին աթոռները՝ ժողովարաններու մէջ, եւ բարեւները՝ հրապարակներուն վրայ:

44. Վա՜յ ձեզի՝ կեղծաւո՛ր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ նման էք անյայտ գերեզմաններու, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն եւ չեն գիտեր»:

45. Օրինականներէն մէկը ըսաւ անոր. «Վարդապե՛տ, ա՛յսպէս խօսելով՝ մե՛զ ալ կը նախատես»:

46. Իսկ ան ըսաւ. «Ձեզի՛ ալ վա՜յ՝ օրինականներո՛ւդ, որ դժուարակիր բեռներ կը բեռցնէք մարդոց, բայց դուք՝ ձեր մէ՛կ մատով չէք հպիր այդ բեռներուն:

47. Վա՜յ ձեզի, որ գերեզմաններ կը կառուցանէք մարգարէներուն, մինչդեռ ձեր հայրե՛րը սպաննեցին զանոնք:

48. Ուստի կը վկայէք եւ հաւանութիւն կու տաք ձեր հայրերուն գործերուն. որովհետեւ իսկապէս իրե՛նք սպաննեցին զանոնք, ու դուք գերեզմաններ կը կառուցանէք անոնց:

49. Հետեւաբար՝ Աստուծոյ իմաստութիւնը նաեւ ըսաւ. “Անոնց պիտի ղրկեմ մարգարէներ եւ առաքեալներ: Անոնցմէ ոմանք պիտի սպաննեն ու ոմանք հալածեն,

50. որպէսզի աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր թափուած բոլոր մարգարէներուն արիւնը պահանջուի այս սերունդէն:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 11