Նոր Կտակարան

Ղուկաս 11:11-23 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

11. Եթէ որդի մը հաց ուզէ ձեզմէ ոեւէ մէկէն՝ որ հայր է, միթէ քա՞ր պիտի տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, միթէ ձուկին տեղ օ՞ձ պիտի տայ անոր.

12. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, միթէ կարի՞ճ պիտի տայ անոր:

13. Ուրեմն եթէ դո՛ւք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն բարի նուէրներ տալ, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը երկինքէն Սուրբ Հոգի՛ն պիտի տայ անոնց՝ որ կը խնդրեն իրմէ”»:

14. Յիսուս կը հանէր դեւ մը՝ որ համր էր: Երբ դեւը դուրս ելաւ՝ համրը խօսեցաւ, եւ բազմութիւնները սքանչացան:

15. Բայց անոնցմէ ոմանք ըսին. «Ան դեւերու Բէեղզեբուղ իշխանին միջոցով կը հանէ դեւերը»:

16. Ուրիշներ ալ՝ փորձելու համար՝ կը խնդրէին իրմէ նշան մը երկինքէն:

17. Բայց ինք գիտնալով անոնց մտածումները՝ ըսաւ անոնց. «Ինքնիր դէմ բաժնուած որեւէ թագաւորութիւն՝ կ՚աւերի, եւ տուն մը ինքնիր դէմ բաժնուած՝ կը փլչի:

18. Հապա եթէ Սատանա՛ն ինքնիր դէմ բաժնուած է, անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ. որովհետեւ կ՚ըսէք թէ Բէեղզեբուղո՛վ կը հանեմ դեւերը:

19. Իսկ եթէ ես Բէեղզեբուղով կը հանեմ դեւերը, ձեր որդինե՛րը ինչո՞վ կը հանեն. ուստի անո՛նք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները:

20. Բայց եթէ ես Աստուծո՛յ մատով կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը հասած է ձեր վրայ:

21. Երբ ուժեղ մարդ մը՝ զէնքերը վրան առած՝ պահպանէ իր տան գաւիթը, անոր ինչքը կը մնայ խաղաղութեան մէջ:

22. Բայց երբ իրմէ աւելի ուժեղը յարձակի վրան ու յաղթէ անոր, կը գրաւէ անոր զէնքերը՝ որոնց ան վստահած էր, եւ կը բաշխէ իրմէ առած կողոպուտը:

23. Ա՛ն որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է, եւ ա՛ն որ ինծի հետ չի հաւաքեր՝ կը ցրուէ»:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 11