Նոր Կտակարան

Ղուկաս 1:50-57 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

50. եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է՝ սերունդէ սերունդ:

51. Իր բազուկով զօրութիւն ցոյց տուաւ, ցրուեց ամբարտաւանները իրենց սիրտին երեւակայութեամբ:

52. Զօրաւորները իջեցուց իրենց գահերէն, ու բարձրացուց նուաստները:

53. Անօթիները լիացուց բարիքներով, եւ պարապ ճամբեց հարուստները:

54. Օգնութեան հասաւ իր Իսրայէլ ծառային, յիշելով իր ողորմութիւնը

55. ինչպէս ինք խոստացած էր մեր հայրերուն - Աբրահամի եւ անոր զարմին հանդէպ՝ յաւիտեան»:

56. Մարիամ անոր քով մնաց՝ գրեթէ երեք ամիս, ապա վերադարձաւ իր տունը:

57. Եղիսաբէթի ծնանելու ժամանակը լրացաւ, ու որդի մը ծնաւ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 1