Նոր Կտակարան

Ղուկաս 1:48-55 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

48. քանի որ նայեցաւ իր աղախինին նուաստութեան. արդարեւ ահա՛ ասկէ ետք՝ բոլոր սերունդները երանելի պիտի կոչեն զիս,

49. որովհետեւ Հզօրը մեծամեծ բաներ ըրաւ ինծի: Անոր անունը սուրբ է,

50. եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է՝ սերունդէ սերունդ:

51. Իր բազուկով զօրութիւն ցոյց տուաւ, ցրուեց ամբարտաւանները իրենց սիրտին երեւակայութեամբ:

52. Զօրաւորները իջեցուց իրենց գահերէն, ու բարձրացուց նուաստները:

53. Անօթիները լիացուց բարիքներով, եւ պարապ ճամբեց հարուստները:

54. Օգնութեան հասաւ իր Իսրայէլ ծառային, յիշելով իր ողորմութիւնը

55. ինչպէս ինք խոստացած էր մեր հայրերուն - Աբրահամի եւ անոր զարմին հանդէպ՝ յաւիտեան»:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 1