Նոր Կտակարան

Ղուկաս 1:41-51 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

41. Երբ Եղիսաբէթ լսեց Մարիամի բարեւը, երախան խայտաց անոր որովայնին մէջ. իսկ Եղիսաբէթ լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով,

42. ու բարձրաձայն գոչելով ըսաւ. «Դուն օրհնեա՜լ ես կիներուն մէջ, եւ օրհնեա՜լ է որովայնիդ պտուղը:

43. Այս ի՞նչպէս եղաւ, որ իմ Տէրոջս մայրը եկաւ ինծի.

44. որովհետեւ ահա՛ երբ քու բարեւիդ ձայնը հասաւ ականջիս, երախան ցնծութենէն խայտաց որովայնիս մէջ:

45. Երանի՜ անոր՝ որ հաւատացած է, որովհետեւ՝՝ պիտի կատարուին այն բաները՝ որոնք Տէրոջմէն ըսուեցան իրեն»:

46. Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծարէ Տէրը,

47. եւ իմ հոգիս ցնծաց իմ Փրկիչ Աստուծմովս,

48. քանի որ նայեցաւ իր աղախինին նուաստութեան. արդարեւ ահա՛ ասկէ ետք՝ բոլոր սերունդները երանելի պիտի կոչեն զիս,

49. որովհետեւ Հզօրը մեծամեծ բաներ ըրաւ ինծի: Անոր անունը սուրբ է,

50. եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է՝ սերունդէ սերունդ:

51. Իր բազուկով զօրութիւն ցոյց տուաւ, ցրուեց ամբարտաւանները իրենց սիրտին երեւակայութեամբ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ղուկաս 1