Նոր Կտակարան

Բ Պետրոս 1:6-15 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

6. գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն, ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն, համբերութեան վրայ՝ բարեպաշտութիւն,

7. բարեպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն, ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր:

8. Որովհետեւ եթէ այս բաները ըլլան ձեր մէջ եւ աւելնան, անգործ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ճանաչումով:

9. Բայց ա՛ն՝ որուն մէջ այս բաները չկան՝ կոյր է, կարճատես, եւ մոռցած է իր հին մեղքերէն մաքրուած ըլլալը:

10. Ուստի, եղբայրնե՛ր, առաւելապէս ջանացէ՛ք՝ որ հաստատէք ձեր կոչումն ու ընտրութիւնը, որովհետեւ ասիկա ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չսայթաքիք.

11. արդարեւ ա՛յսպէս է որ ճոխութեամբ պիտի հայթայթուի ձեզի մեր Տէրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի յաւիտենական թագաւորութեան մուտքը:

12. Ուստի երբեք անհոգ պիտի չըլլամ միշտ յիշեցնելու ձեզի այս բաները, թէպէտ գիտէք եւ ամրացած էք ներկայ ճշմարտութեան մէջ:

13. Իրաւացի կը համարեմ, այնքան ատեն որ այս մարմինին մէջ եմ, յիշեցնելով ձեզ արթուն պահել,

14. գիտնալով թէ շուտով պիտի լքեմ այս մարմինս, ինչպէս մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս բացայայտեց ինծի:

15. Ուստի պիտի ջանամ որ միշտ յիշէք այս բաները՝ այս աշխարհէն մեկնելէս ետքն ալ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Բ Պետրոս 1