Նոր Կտակարան

Բ Կորնթացիներին 8:3-12 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

3. Որովհետեւ ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան համեմատ, ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամ ըլլալով,

4. շատ պնդումով կ՚աղերսէին մեզի՝ որ ընդունինք շնորհքը եւ սուրբերուն համար եղած սպասարկութեան հաղորդակցութիւնը:

5. Ո՛չ թէ ինչպէս մենք կը յուսայինք, հապա իրենք զիրենք ալ տուին՝ նախ Տէրոջ, ու յետոյ մեզի՝ Աստուծոյ կամքով:

6. Ա՛յնքան՝ որ աղաչեցինք Տիտոսի, որ ինչպէս ան նախապէս սկսաւ, նոյնպէս նաեւ աւարտէ ձեր մէջ այդ շնորհքն ալ:

7. Հետեւաբար, ինչպէս դուք ճոխացած էք ամէն բանով, (հաւատքով, խօսքով, գիտութեամբ, ամբողջ փութաջանութեամբ եւ մեզի հանդէպ ձեր տածած սիրով,) ճոխացէ՛ք նաեւ այս շնորհքով:

8. Կը խօսիմ ո՛չ թէ հրամայելով, հապա՝ ուրիշներուն փութաջանութեան առիթով, ու փորձարկելու համար ձեր սիրոյն անկեղծութիւնը:

9. Քանի որ դուք գիտէք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, որ թէպէտ հարուստ էր՝ ձեզի համար աղքատ եղաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատանալով:

10. Եւ այս մասին կարծիք մը կու տամ, որովհետեւ ասիկա օգտակար է ձեզի, դո՛ւք՝ որ նախապէս սկսաք՝ անցեալ տարուընէ՝ ո՛չ միայն ընել, այլ նաեւ կամենալ:

11. Իսկ հիմա ընե՛լն ալ կատարեցէք, որպէսզի՝ ինչպէս յօժարութիւն կար, նոյնպէս ալ կատարում ըլլայ՝ ձեր ունեցածէն:

12. Որովհետեւ եթէ նախապէս յօժարութիւն ըլլայ, տալը ընդունելի է՝ մէկու մը ունեցածին համեմատ, եւ ո՛չ թէ չունեցածին համեմատ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Բ Կորնթացիներին 8