Նոր Կտակարան

Բ Կորնթացիներին 6:6-15 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

6. մաքրակեցութեամբ, գիտութեամբ, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով,

7. ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութեամբ, արդարութեան զրահով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է.

8. փառքով եւ անպատուութեամբ, վատ համբաւով թէ բարի համբաւով, մոլորեցուցիչներու պէս՝ բայց ճշմարտախօսներ,

9. անծանօթներու պէս՝ սակայն լաւ ճանչցուածներ. մահամերձի պէս՝ եւ ահա՛ կ՚ապրինք, պատժուածներու պէս՝ ու չենք մեռցուած.

10. տրտմածներու պէս՝ բայց միշտ կ՚ուրախանանք, աղքատներու պէս՝ սակայն կը հարստացնենք շատերը, ոչինչ ունեցողներու պէս՝ մինչդեռ տիրացած ենք ամէն բանի:

11. Կորնթացինե՛ր, մեր բերանը բացուած է ձեզի, եւ մեր սիրտը՝ լայնցած:

12. Դուք մեր մէջ նեղը ինկած՝՝ չէք, հապա ձեր սիրտին մէջ՝՝ նեղը ինկած էք:

13. Ուրեմն, փոխարէնը հատուցանելու համար (կը խօսիմ ձեզի՝ իբր զաւակներուս), դո՛ւք ալ ձեր սիրտը լայնցուցէք՝՝:

14. Անհաւատներուն հետ անյարիր լծակից՝՝ մի՛ ըլլաք. քանի որ ի՞նչ ընկերակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ, ի՞նչ հաղորդութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ,

15. եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարի հետ. կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ,

Կարդալ ամբողջական գլուխ Բ Կորնթացիներին 6