Նոր Կտակարան

Բ Կորնթացիներին 5:1-9 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Արդարեւ գիտենք թէ եթէ մեր վրանի նման երկրային տունը քակուի, շինուածք մը ունինք Աստուծմէ, անձեռակերտ յաւիտենական տուն մը՝ երկինքի մէջ.

2. եւ ի՛րապէս ասոր մէջ կը հառաչենք՝ տենչալով հագնիլ մեր երկնաւոր բնակութիւնը.

3. սակայն երբ զայն հագնինք՝ մերկ չգտնուինք:

4. Որովհետեւ մենք՝ որ այս վրանին տակն ենք, ծանրութեան տակ կը հառաչենք. ո՛չ թէ կ՚ուզենք հանուիլ, հապա՝ հագնիլ զայն ասոր վրայ, որպէսզի մահկանացութիւնը ընկղմի կեանքին մէջ:

5. Ուրեմն ա՛ն՝ որ պատրաստեց մեզ այդ նոյն բանին համար՝ Աստուա՛ծ է, որ նաեւ տուաւ մեզի Հոգիին գրաւականը:

6. Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունինք, գիտնալով թէ մինչ մարմինի մէջ ենք՝ հեռու ենք Տէրոջմէն.

7. (որովհետեւ հաւատքո՛վ կ՚ընթանանք, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ.)

8. վստահութիւն ունինք, եւ առաւելապէս կ՚ուզենք հեռանալ մարմինէն ու մօտ ըլլալ Տէրոջ:

9. Ուստի պատիւ կը համարենք ընդունելի ըլլալ անոր, մօտ թէ հեռու:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Բ Կորնթացիներին 5