9. Այս խօսքը վստահելի է ու բոլորովին ընդունուելու արժանի:
10. Արդարեւ մենք կ՚աշխատինք եւ կը նախատուինք սա՛ նպատակով, որովհետեւ կը յուսանք ապրող Աստուծոյ, որ Փրկիչն է բոլոր մարդոց, մա՛նաւանդ՝ հաւատացեալներուն:
11. Պատուիրէ՛ եւ սորվեցո՛ւր այս բաները:
12. Ո՛չ մէկը թող արհամարհէ քու երիտասարդութիւնդ, հապա տիպա՛ր եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարքով, սիրով, հաւատքով ու մաքրակեցութեամբ:
13. Մինչեւ որ գամ՝ ուշադի՛ր եղիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու:
14. Անհոգ մի՛ ըլլար քու մէջդ եղած շնորհին հանդէպ, որ մարգարէութեամբ տրուեցաւ քեզի՝ երէցներուն ձեռնադրութեամբ:
15. Խոկա՛ այդ բաներուն մասին եւ զբաղէ՛ ատոնցմով, որպէսզի քու յառաջդիմութիւնդ երեւնայ ամենուն:
16. Ուշադի՛ր եղիր դուն քեզի ու վարդապետութեան, եւ մի՛շտ յարատեւէ ատոնց մէջ. քանի որ այդպէս ընելով՝ պիտի փրկես թէ՛ քեզ, թէ՛ քեզ լսողները: