Նոր Կտակարան

Ա Տիմոթեոսին 1:6-18 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

6. Ասոնցմէ վրիպելով՝ ոմանք խոտորեցան փուճ խօսքերու մէջ.

7. կ՚ուզեն Օրէնքի վարդապետ ըլլալ, բայց չեն հասկնար ո՛չ ինչ որ կը խօսին, ո՛չ ալ այն բաները՝ որոնց վրայ կը պնդեն:

8. Սակայն գիտենք թէ Օրէնքը լաւ է, եթէ մէկը գործածէ զայն օրինաւոր կերպով,

9. սա՛ գիտնալով թէ Օրէնքը տրուած է ո՛չ թէ արդարներուն համար, հապա՝ անօրէններուն եւ ըմբոստներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն, անսուրբերուն եւ սրբապիղծներուն, հայր զարնողներուն, մայր զարնողներուն, մարդասպաններուն,

10. պոռնկողներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, ստախօսներուն, երդմնազանցներուն, եւ ուրիշ որեւէ բանի համար՝ որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան,

11. համաձայն երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին՝ որ վստահուեցաւ ինծի:

12. Շնորհապարտ եմ զիս զօրացնող Քրիստոս Յիսուսի՝ մեր Տէրոջ, քանի որ հաւատարիմ համարեց զիս ու դրաւ այս սպասարկութեան մէջ:

13. Նախապէս հայհոյիչ էի, հալածող եւ նախատող. բայց ողորմութիւն գտայ, որովհետեւ անգիտանալով ըրի՝ անհաւատութեան մէջ.

14. եւ մեր Տէրոջ շնորհքը յորդեցաւ ինծի հանդէպ՝ հաւատքով ու սիրով, որ Քրիստոս Յիսուսով է:

15. Սա՛ վստահելի եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի խօսք մըն է, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ փրկելու մեղաւորները, որոնց գլխաւորը ես եմ:

16. Բայց ողորմութիւն գտայ սա՛ պատճառով, որ Յիսուս Քրիստոս նախ ի՛մ վրաս ցոյց տայ իր համբերատարութիւնը, տիպար ըլլալու անոնց որ պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար:

17. Ուրեմն յաւիտենական Թագաւորին՝ որ անեղծ եւ անտեսանելի է, միա՛կ Աստուծոյն՝ պատի՜ւ ու փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն:

18. Սա՛ պատուէրը կ՚աւանդեմ քեզի, որդեա՛կս Տիմոթէոս, քեզի համար նախապէս եղած մարգարէութիւններուն համաձայն, որ անոնցմով մարտնչիս բարի մարտը,

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ա Տիմոթեոսին 1