Նոր Կտակարան

Ա Պետրոս 4:1-5 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Ուրեմն, քանի որ Քրիստոս չարչարուեցաւ մեզի համար՝ մարմինով, դո՛ւք ալ զինուեցէք նոյն մտադրութեամբ: Որովհետեւ ա՛ն որ չարչարուած է մարմինով՝ դադրած է մեղանչելէ,

2. որպէսզի՝ իր մարմինին մէջ մնացած ժամանակը՝ այլեւս ապրի ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն համաձայն, հապա՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն:

3. Որովհետեւ կը բաւէ մեզի գործադրած ըլլալ հեթանոսներուն կամքը՝ մեր կեանքին անցած ժամանակը, երբ կ՚ընթանայինք ցոփութիւններու, ցանկութիւններու, գինեմոլութիւններու, զեխութիւններու, արբեցութիւններու եւ անօրէն կռապաշտութիւններու մէջ:

4. Անոնք տարօրինակ կը սեպեն, որ դուք չէք սուրար իրենց հետ դէպի նոյն անառակութեան ծայրայեղութիւնը, ու կը հայհոյեն ձեզի:

5. Անոնք հաշիւ պիտի տան անո՛ր՝ որ պատրաստ է դատել ողջերն ու մեռելները.

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ա Պետրոս 4