16. բարի՛ խղճմտանք ունեցէք, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, ամօթահար ըլլան անո՛նք՝ որ կը պախարակեն Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը:
17. Որովհետեւ աւելի լաւ է չարչարուիլ - եթէ ա՛յդ է Աստուծոյ կամքը - բարի՛ք ընելով, քան թէ չարիք ընելով:
18. Արդարեւ Քրիստո՛ս ալ մէ՛կ անգամ չարչարուեցաւ՝ մեղքերու համար, Արդարը՝ անարդարներուն համար, որպէսզի մօտեցնէ մեզ Աստուծոյ: Ան մարմինով մեռցուեցաւ, բայց Հոգիով կեանք ստացաւ,
19. եւ անով ալ գնաց ու քարոզեց բանտի մէջ եղած հոգիներուն:
20. Անոնք ժամանակին անհնազանդ եղան, երբ Աստուծոյ համբերատարութիւնը կը սպասէր անոնց՝ Նոյի օրերը, մինչ տապանը կը կերտուէր: Անոր մէջ քիչեր, այսինքն ութ անձ, փրկուեցան ջուրէն:
21. Անոր կրկնատիպը եղող մկրտութիւնն ալ հիմա կը փրկէ մեզ, (ո՛չ թէ մարմինին աղտը լքելը, հապա Աստուծոյ հանդէպ բարի խղճմտանքի մը յանձնառութիւնը,) Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ:
22. Ան երկինք գացած՝ Աստուծոյ աջ կողմն է, եւ հրեշտակները, իշխանութիւններն ու զօրութիւնները հպատակած են իրեն: