Նոր Կտակարան

Ա Պետրոս 1:3-14 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

3. Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեան համաձայն վերստին ծնաւ մեզ կենարար յոյսի մը համար՝ Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութեամբ,

4. եւ անեղծանելի, անարատ ու անթառամ ժառանգութեան մը համար՝ որ երկինքը վերապահուած է ձեզի:

5. Դուք Աստուծոյ զօրութեամբ ու հաւատքով պահպանուած էք փրկութեան համար, որ պատրաստ է յայտնուելու վերջին ատենը.

6. ուստի ցնծացէ՛ք անով, թէպէտ հիմա՝ քիչ մը ատեն, եթէ պէտք ըլլայ, կը տրտմիք բազմազան փորձութիւններով,

7. որպէսզի ձեր հաւատքին փորձը (որ կորստական ոսկիէն շատ աւելի պատուական է, թէպէտ ան կը փորձարկուի կրակով,) գտնուի գովեստով, պատիւով եւ փառքով՝ Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան ատենը:

8. Դուք կը սիրէք զայն՝ չտեսած. կը հաւատաք անոր՝ թէպէտ հիմա չէք տեսներ զայն, եւ կը ցնծաք անպատմելի ու փառաւոր ուրախութեամբ,

9. ստանալով ձեր անձերուն փրկութիւնը՝ որպէս վախճանը ձեր հաւատքին:

10. Այդ փրկութիւնը փնտռեցին եւ զննեցին մարգարէները, որոնք մարգարէացան ձեզի սահմանուած շնորհքին մասին:

11. Կը զննէին թէ ի՛նչ կամ ինչպիսի՛ ատեն կը բացայայտէր իրենց մէջ եղած Քրիստոսի Հոգին, երբ կանխաւ կը վկայէր Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ անոնց հետեւող փառքին մասին:

12. Անոնց յայտնուեցաւ թէ ո՛չ թէ իրե՛նց՝ հապա մեզի՛ կը սպասարկէին այն բաները, որոնք հիմա հաղորդուեցան ձեզի անո՛նց միջոցով՝ որ աւետարանեցին ձեզի երկինքէն ղրկուած Սուրբ Հոգիով: Այդ բաներո՛ւն է որ հրեշտակները կը ցանկան ակնկառոյց նայիլ:

13. Ուստի գօտեպնդեցէ՛ք ձեր միտքին մէջքը, զգա՛ստ եղէք, ու կատարե՛լապէս յուսացէք այն շնորհքին՝ որ պիտի տրուի ձեզի Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան ատենը:

14. Հնազանդ զաւակներու պէս՝ մի՛ համակերպիք ձեր անգիտութեան ատենուան նախկին ցանկութիւններուն:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ա Պետրոս 1