1. Եթէ ձեզմէ մէկը խնդիր մը ունենայ ուրիշի մը հետ, միթէ կը յանդգնի՞ անարդարներուն առջեւ դատուիլ, եւ ո՛չ թէ սուրբերուն առջեւ:
2. Չէ՞ք գիտեր թէ սուրբե՛րը պիտի դատեն աշխարհը. ու եթէ աշխարհը կը դատուի ձեզմէ, դուք արժանի չէ՞ք դատելու չնչին խնդիրները:
3. Չէ՞ք գիտեր թէ մենք պիտի դատենք հրեշտակնե՛րը. հապա ո՛րչափ աւելի այս կեանքին բաները:
4. Ուրեմն եթէ դատեր ունիք՝ այս կեանքի բաներուն համար, դատաւո՛ր նշանակեցէք եկեղեցիին անարգները:
5. Ձեզ ամչցնելու համար կ՚ըսեմ. իրա՞ւ իմաստուն մը չկայ ձեր մէջ, ո՛չ իսկ մէկ հատ, որ կարենայ վճռել իր եղբայրներուն միջեւ:
6. Հապա եղբայր՝ եղբօր հետ դատ կը վարէ, այն ալ՝ անհաւատներուն առջեւ:
7. Ուրեմն արդէն ծանր յանցանք մը կայ ձեր մէջ, քանի որ իրարու հետ դատեր ունիք. ինչո՞ւ փոխարէնը դուք չէք անիրաւուիր. ինչո՞ւ փոխարէնը դուք զրկանք չէք կրեր:
8. Նոյնիսկ դո՛ւք կ՚անիրաւէք ու կը զրկէք, այն ալ՝ եղբայրներո՛ւն.
9. չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Մի՛ մոլորիք. ո՛չ պոռնկողները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները,