4. թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ երրորդ օրը՝ Գիրքերուն համաձայն,
5. ու երեւցաւ Կեփասի, ապա տասներկուքին:
6. Յետոյ միաժամանակ երեւցաւ հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու, որոնց մեծ մասը կը մնայ մինչեւ այժմ, իսկ ոմանք ալ ննջեցին:
7. Ապա երեւցաւ Յակոբոսի, յետոյ՝ բոլոր առաքեալներուն:
8. Բոլորէն ետք՝ երեւցաւ նաեւ ինծի, որպէս թէ վիժածի մը:
9. Որովհետեւ ես առաքեալներուն փոքրագոյնն եմ, եւ արժանի ալ չեմ առաքեալ կոչուելու, քանի որ հալածեցի Աստուծոյ եկեղեցին:
10. Բայց Աստուծոյ շնորհքո՛վն եմ՝ ինչ որ եմ: Եւ անոր շնորհքը՝ որ իմ վրաս է, ընդունայն չեղաւ. հապա ես անոնց բոլորէն շա՛տ աւելի աշխատեցայ. սակայն ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը՝ որ ինծի հետ էր:
11. Ուստի՝ թէ՛ ես, թէ՛ անոնք ա՛յսպէս կը քարոզենք, ու դուք ա՛յսպէս հաւատացիք:
12. Ուրեմն եթէ կը քարոզուի թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեզմէ ոմանք կ՚ըսեն թէ “մեռելներու յարութիւն չկայ”:
13. Բայց եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստո՛ս ալ յարութիւն առած չէ:
14. Ու եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը ունայն է, ու ձեր հաւատքն ալ ունայն է:
15. Իսկ մենք ալ Աստուծոյ սուտ վկաները կ՚ըլլանք, որովհետեւ Աստուծոյ համար վկայեցինք թէ մեռելներէն յարուցանեց Քրիստոսը. մինչդեռ յարուցանած չէ զայն, եթէ ի՛րապէս մեռելները յարութիւն չեն առներ: