Նոր Կտակարան

Ա Կորնթացիներին 15:24-43 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

24. Ապա պիտի գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի յանձնէ Աստուծոյ՝ Հօրը, ոչնչացնելէ ետք ամէն պետութիւն, ամէն իշխանութիւն ու զօրութիւն:

25. Որովհետեւ ան պէտք է թագաւորէ, մինչեւ որ բոլոր թշնամիները դնէ իր ոտքերուն տակ:

26. Վերջին թշնամին որ պիտի ոչնչացուի՝ մահն է, որովհետեւ Գիրքը կ՚ըսէ. «Ամէն բան դրաւ անոր ոտքերուն տակ».

27. Բայց երբ կ՚ըսէ թէ “ամէն բան դրուած է անոր տակ”, բացայայտ է թէ բացի անկէ՝ որ ամէն բան դրաւ անոր տակ:

28. Ու երբ ամէն բան հպատակի անոր, այն ատեն Որդին՝ ինք ալ՝ պիտի հպատակի անո՛ր՝ որ ամէն բան դրաւ իրեն տակ, որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ բոլորին մէջ:

29. Այլապէս, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք՝ որ կը մկրտուին մեռելներուն համար, եթէ մեռելները երբե՛ք յարութիւն չեն առներ: Ուրեմն ինչո՞ւ կը մկրտուին անոնց համար.

30. եւ ինչո՞ւ մենք ալ վտանգի մէջ ենք ամէն ժամ:

31. Ես ամէն օր կը մեռնիմ. վկայ կը բերեմ այն պարծանքը՝ որ ունիմ ձեր վրայ Քրիստոս Յիսուսով՝ մեր Տէրոջմով:

32. Եթէ Եփեսոսի մէջ կռուած ըլլայի գազաններու դէմ՝ մարդոց նման, ի՞նչ օգուտ էր ինծի, եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ. ուտենք՝՝ ու խմենք, որովհետեւ վաղը պիտի մեռնինք:

33. Մի՛ մոլորիք. չար ընկերակցութիւնները կ՚ապականեն բարի բարքը:

34. Սթափեցէ՛ք արդարութեամբ ապրելու համար, ու մի՛ մեղանչէք. որովհետեւ ձեզմէ ոմանք չունին Աստուծոյ գիտութիւնը. ասիկա կ՚ըսեմ՝ ձեզ ամչցնելու համար:

35. Բայց մէկը պիտի ըսէ. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, եւ ի՞նչ մարմինով կու գան»:

36. Ա՛նմիտ, ինչ որ դուն կը սերմանես՝ կեանք չի ստանար եթէ չմեռնի:

37. Իսկ ինչ որ կը սերմանես, ո՛չ թէ այն մարմինը որ պիտի բուսնի՝ կը սերմանես, հապա մերկ հատիկը, ըլլայ ան ցորենի թէ ուրիշ սերմի.

38. բայց Աստուած մարմին կու տայ անոր՝ ինչպէս կը կամենայ, եւ իւրաքանչիւր սերմին՝ իր յատուկ մարմինը:

39. Ամէն մարմին նոյն մարմինը չէ. հապա ուրի՛շ է մարդոց մարմինը, ուրիշ՝ անասուններուն մարմինը, ուրիշ՝ ձուկերունը, եւ ուրիշ՝ թռչուններունը:

40. Կան նաեւ երկնաւոր մարմիններ ու երկրաւոր մարմիններ. բայց երկնաւորներուն փառքը ուրի՛շ է, երկրաւորներունը՝ ուրիշ:

41. Արեւին փառքը ուրիշ է, լուսինին փառքը՝ ուրիշ, եւ աստղերուն փառքը՝ ուրիշ. որովհետեւ մէկ աստղը փառքով կը տարբերի միւս աստղէն:

42. Այսպէս է նաեւ մեռելներուն յարութիւնը: Մարմինը կը սերմանուի ապականութեամբ, եւ յարութիւն կ՚առնէ անապականութեամբ.

43. կը սերմանուի անպատուութեամբ, ու յարութիւն կ՚առնէ փառքով. կը սերմանուի տկարութեամբ, եւ յարութիւն կ՚առնէ զօրութեամբ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ա Կորնթացիներին 15