18. որուն համար ըսուած էր. «Իսահակի՛ անունով պիտի կոչուի քու զարմդ»,-
19. որովհետեւ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է յարուցանել զայն, նոյնիսկ մեռելներէն. ուրկէ ալ ստացաւ զայն՝ որպէս նախատիպար:
20. Հաւատքո՛վ Իսահակ, մարգարէանալով գալիք բաներուն մասին, օրհնեց Յակոբն ու Եսաւը:
21. Հաւատքո՛վ Յակոբ, երբ մահամերձ էր, օրհնեց Յովսէփի որդիներէն իւրաքանչիւրը, ու երկրպագեց՝ յենելով իր գաւազանին ծայրին վրայ:
22. Հաւատքո՛վ Յովսէփ, երբ կը վախճանէր, յիշեց Իսրայէլի որդիներուն մեկնումը Եգիպտոսէն, ու պատուէր տուաւ իր ոսկորներուն համար:
23. Հաւատքո՛վ Մովսէս, երբ ծնաւ, երեք ամիս պահուեցաւ իր ծնողներուն կողմէ, որովհետեւ տեսան գեղեցիկ մանուկը, ու չվախցան թագաւորին հրամանէն:
24. Հաւատքո՛վ Մովսէս, երբ մեծցաւ, մերժեց Փարաւոնի աղջիկին որդի կոչուիլ,
25. նախընտրելով չարչարուիլ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ՝ քան վայելել մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը:
26. Աւելի մեծ հարստութիւն համարեց Քրիստոսի նախատինքը՝ քան Եգիպտոսի գանձերը, որովհետեւ կը դիտէր վարձատրութիւնը:
27. Հաւատքո՛վ ձգեց Եգիպտոսը՝ առանց վախնալու թագաւորին զայրոյթէն, որովհետեւ հաստատ մնաց որպէս թէ տեսնելով Անտեսանելին:
28. Հաւատքո՛վ կատարեց զատիկը եւ արիւնին հեղումը, որպէսզի անդրանիկները բնաջնջողը չդպչի իրենց:
29. Հաւատքո՛վ Կարմիր ծովէն անցան՝ որպէս թէ ցամաքէ, ինչ որ Եգիպտացիները փորձեցին՝ սակայն ընկղմեցան: