1. Ինծի տրուեցաւ եղէգ մը՝ գաւազանի նման, եւ կայնած հրեշտակը ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր ու չափէ՛ Աստուծոյ տաճարը, զոհասեղանը, եւ անոր մէջ երկրպագողները:
2. Բայց ձգէ՛ գաւիթը՝ որ տաճարէն դուրս է, ու մի՛ չափեր զայն, որովհետեւ ան տրուած է հեթանոսներուն. անոնք ոտնակոխ պիտի ընեն սուրբ քաղաքը՝ քառասուներկու ամիս:
3. Ես զօրութիւն պիտի տամ իմ երկու վկաներուս, եւ անոնք՝ քուրձ հագած՝ պիտի մարգարէանան հազար երկու հարիւր վաթսուն օր: