13. Սուտ վկաներ ներկայացուցին, որոնք կ՚ըսէին. «Այս մարդը չի դադրիր հայհոյական խօսքեր արտասանելէ այս սուրբ տեղին եւ Օրէնքին դէմ:
14. Որովհետեւ լսեցինք իրմէ, որ կ՚ըսէր թէ “այս Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քակէ այս տեղը, ու պիտի փոխէ Մովսէսի մեզի աւանդած սովորութիւնները”»:
15. Բոլոր ատեանին մէջ բազմողները երբ ակնապիշ նայեցան անոր, անոր երեսը տեսան՝ հրեշտակի երեսի պէս: