1. Լուծի տակ եղող բոլոր ստրուկները թող արժանի համարեն իրենց տէրերը ամէն պատիւի, որպէսզի Աստուծոյ անունն ու վարդապետութիւնը չհայհոյուին:
2. Իսկ անոնք որ հաւատացեալ տէրեր ունին՝ թող չարհամարհեն զանոնք՝ որովհետեւ եղբայրներ են. այլ մանաւանդ թող ծառայեն անոնց յօժարութեամբ, քանի բարերարութենէն օգտուողները հաւատացեալ են ու սիրելի: Սորվեցո՛ւր այս բաները եւ յորդորէ՛:
3. Եթէ մէկը սորվեցնէ ուրիշ կերպով, ու չյարի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ողջամիտ խօսքերուն եւ այն վարդապետութեան՝ որ համաձայն է բարեպաշտութեան,
4. այդպիսին հպարտացած է ու ոչինչ գիտէ, հապա վարակուած է վէճերու եւ բանակռիւներու ախտէն, որոնցմէ կը յառաջանան նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, չար ենթադրութիւններ,
5. զրաբանութիւններ՝ միտքով ապականած ու ճշմարտութենէն զրկուած մարդոց, որ կը կարծեն թէ բարեպաշտութիւնը շահավաճառութիւն է. հեռացի՛ր այդպիսիներէն: