28. Բայց եթէ թարգմանող չըլլայ, թող լռէ եկեղեցիին մէջ, ու թող խօսի ինքնիրեն եւ Աստուծոյ հետ:
29. Մարգարէները թող խօսին՝ երկու կամ երեք հոգի, ու միւսները վճռեն:
30. Իսկ եթէ ուրիշի մը՝ որ նստած է՝ բան մը յայտնուի, առաջինը թող լռէ:
31. Որովհետեւ բոլորդ ալ կրնաք մէկ առ մէկ մարգարէանալ, որպէսզի բոլորն ալ սորվին, եւ բոլորն ալ մխիթարուին:
32. Եւ մարգարէներուն հոգիները մարգարէներուն կը հպատակին.
33. քանի որ Աստուած խառնակութեան Աստուած չէ, հապա՝ խաղաղութեան, ինչպէս սուրբերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
34. Եկեղեցիներուն մէջ՝ ձեր կիները թող լռեն, որովհետեւ անոնց արտօնուած չէ խօսիլ, հապա՝ հպատակիլ, ինչպէս կ՚ըսէ Օրէնքն ալ:
35. Իսկ եթէ ուզեն որեւէ բան սորվիլ, թող հարցնեն տա՛ն մէջ՝ իրենց ամուսիններուն. քանի որ կիներուն ամօթ է եկեղեցիին մէջ խօսիլ:
36. Միթէ Աստուծոյ խօսքը ձեզմէ՞ ելաւ, կամ միայն ձեզի՞ հասաւ:
37. Եթէ մէկը կը կարծէ թէ ինք մարգարէ է, կամ հոգեւոր, թող գիտակցի թէ ձեզի գրած բաներս՝ Տէրոջ պատուիրաններն են:
38. Բայց եթէ մէկը անգէտ է՝ թող անգէտ ըլլայ:
39. Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, նախանձախնդի՛ր եղէք մարգարէանալու, ու մի՛ արգիլէք լեզուներ խօսիլն ալ:
40. Ամէն բան թող ըլլայ վայելչութեամբ եւ կարգով: