8. Եթէ ըսենք. «Մենք մեղք մը չունինք», կը խաբենք մենք մեզ, ու ճշմարտութիւն չկայ մեր մէջ:
9. Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, ան հաւատարիմ եւ արդար է՝ ներելու մեր մեղքերը, ու մաքրելու մեզ ամէն անիրաւութենէ:
10. Եթէ ըսենք. «Մենք մեղանչած չենք», ստախօս կը նկատենք՝՝ զայն, եւ անոր խօսքը մեր մէջ չէ: